Jump to content

Կուսթաւ Ե.

Կուսթաւ Ե.
շուէտ.՝ Gustaf V
Ծննդեան անուն շուէտ.՝ Oscar Gustav Adolf Bernadotte
Ծնած է 16 Յունիս 1858(1858-06-16)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Դրոտտինգհոլմ, Էկերյո, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1][4]
Մահացած է 29 Հոկտեմբեր 1950(1950-10-29)[1][2][3][…] (92 տարեկանին)
Մահուան վայր Դրոտտինգհոլմ, Էկերյո, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1]
Քաղաքացիութիւն  Շուէտ
Մայրենի լեզու շուէտերէն
Կրօնք Լուտերականութիւն
Ուսումնավայր Ուփսալայի Համալսարան
Մասնագիտութիւն միապետ, ազնուական, թենիսիստ
Վարած պաշտօններ Monarch of Sweden?, Կրոնպրինց? եւ heir apparent?
Անդամութիւն Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու Ակադեմիա, Շուէտի գիտութիւններու արքայական կաճառ, Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա եւ Շուէտի բանահիւսութեան, պատմութեան եւ հնավաճառութեան արքայական կաճառ
Ամուսին Victoria of Baden?
Ծնողներ հայր՝ Օսկար III?, մայր՝ Սոֆիա Նասուացի?
Երեխաներ Գուստաֆ VI Ադոլֆ?, Էրիկ, Վաստմանլանդի դուքս? եւ Վիլհելմ, Սյոդերմանլանդի դուքս?
Ստորագրութիւն

Կուսթաւ Ե. (շուէտ.՝ Gustaf V, Օսքար Կուսթաւ Ատոլֆ, 16 Յունիս 1858(1858-06-16)[1][2][3][…], Դրոտտինգհոլմ, Էկերյո, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1][4] - 29 Հոկտեմբեր 1950(1950-10-29)[1][2][3][…], Դրոտտինգհոլմ, Էկերյո, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1]), Շուէտ թագաւոր Օսքար Բ. եւ Նորվեկիոյ Թագուհի Սոֆիա Նասսաւցիին աւագ որդին է: 1907 թուականին թագաւորած է մինչեւ իր մահը:

Շուէտ կառավարութեան հետ ուղղակի զբաղած վերջին թագաւորը եղած է: 1916 թուականին կառավարութեան հետ ռազմային պաշտպանութեան պիւտճէի մասին տարաձայնութիւններ ապրած է:

Թագաւորը չափաւոր մէկն էր, ժողովրդական շարժումներու եւ թէ գործառուներու ամսականներու սահմաններու մասին օժանդակութիւն ցոյց կու տար: Թագաւորը, նոյն ժամանակ ըլլալով գլխաւոր հրամանատար, վերջին Շուէտ թագաւորն է (1907-1939):

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի միջոցին Գերմանիոյ աւելի մօտ եղած է: Գերմանական ծագում ունեցող թագաւորին կինը, թագաւորին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի միջոցին ցուցաբերած քաղաքականութեամբ ազդեցիկ եղած է: 18 Դեկտեմբեր 1904-ին Սկանտինաւեան թագաւորի հետ միանալու համար ժողով մը գումարած են: Թագաւորը Սկանտինաւիայի հետ դաշնակից ըլլալու եւ Գերմանիոյ կողքին պատերազմի մտնել կ'ուզէր, բայց նոյն ժամանակ ալ ուշադրութիւնները վրան գրաւել չէր ուզեր: Նախարար Հանսոնը կը խորհէր, որ եթէ կառավարութիւնը Գերմանիոյ պահանջները մերժէր, թագաւորը կառավարութեան հրաժարումին մասին շատ մեծ ճնշում մը պիտի ընէր (Գերմանիան հիւսիսային Ֆինլանտայի եւ Նորվեկիայի հողերուն վրայ եղող ռազմական բազաներու նման բազաներ կը պահանջէր): 1947-ին այս գիտելիքին ճշդութիւնը քննարկուեցաւ: Նախարար Հանսոնի յայտարարութեան համեմատ թագաւորը Գերմանիոյ հետ կարելիութիւն ունեցող որեւէ պայքարէ հեռու մնալ կը փափաքէր: Էրնըսդ Վիկտորս, Կուսթաւ Ե. եւ Իշխան Կուսթաւը Շուէտի մէջ դաշնակիցներու (Գերմանիոյ) համար զինուոր եւ ռազմային կառք ունենալը առաջարկեցին Շուէտ կառավարութեան, բայց Շուէտ կառավարութիւնը այս առաջարկը մերժեց, որովհետեւ Գերմանիոյ պատճառով առնուելիք կարելի պատիժները գուշակած էին:

Կուսթաւ Ե. 29 Հոկտեմբեր 1950-ին վախճանած է եւ իր տեղը մեծ մանչը Կուսթաւ Զ. Ատոլֆ-ը անցած է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]